ԼԵՍԿ ԿԱՄ ԼԵԶԿ
( ԱՐԱԼԷԶ )
Լեսկ կամ Լեզք կոչուած հայաբնակ գիուղը փոքրիկ գիուղ մըն էր. տուները միայարկ էին, պարզունակ ու համեստ, քարէ ու ծեփէ կառուցուած։ Ունէր իր երկսեռ վարժարանը։ Գրեթէ ամէն մէկ տուն Ամերիկայի, Պոլիսի կամ Կովկասի մէջ, իր տարագիր հարազատն ունէր ։
Այս գիուղը, Շահ–Բաղի անունով գիուղէն մօտ մէկ ժամ հեռու էր, դէպի արեւմտահիուսիս, միակտուր լեռնակի մը քղանցքին տակ, որուն գագաթին վրայ շինուած էր Ամենափրկիչ անունով մատուռ մը: Գիուղը բավարար քանակութեամբ ջուր չունէր, եղած ջուրը չէր բավականանար արտերու, այգիներու եւ պարտէզներու ոռոգման։ Հաճելի էր սակայն Լէզքին դիրքը, շրջապատը փարթամ ու գրավիչ, օդին մէջ հրապույր կար եւ իր հորիզոնին շքեղութեան խառնուած էր հեթանոս դարերու փառքն ու մեծութիունը, Դարաբոյր Վասպուրականի հռչակավոր վայրերէն մէկը եղած է, ու կը մնայ դեռ հնութեան կոթող եւ յուշարձան:
Լեսկի լեռնակին համար կը պատմուի թէ՝
«Ի հնումն, այս լեռնակին վրայ, Ամենափրկիչի տեղը կռատուն եղած է, քրմապետները կը բերէին հիվանդներն ու մեռելները, կը դնէին կուռքերու առջեւ, որպէսզի լզեն ու ողջցնեն։ Շամիրամ իր աստուածուհիները այս լեռնակին վրայ կարգավ կը շարէր, եւ կը հրամայէր որ իր շինած բերդին վրայէն երկրպագութիուն ընեն այդ չաստուածներուն, որոնց առջեւ դրուած է եղեր նաեւ Արա Գեղեցիկի մարմինը՝ լզել տալով ողջցնելու նպատակով»:
Հեթանոսական դարերու ընթացքին, ամէն տարի, Լեզկի մէջ «վիճակ»ի հանման հանդէսներ կը կատարուէին բազմահազար ժողովուրդի մը
մասնակցութեամբ ամբոխը կ'ուտէր, կը խմէր, կ'երգէր ու կը պարէր :
Լեզկը կեդրոնավայրն էր այս տօնին, որովհետեւ հոն կը գտնուէին Արալէզները եւ անոնց կռատունը։
«Եօթ Թոնիր»ին ժայռը ցից էր, փոքրիկ «Էյֆէլ» մը, որուն ծայրը ցցուած էր ժայռ մը իբր կուռքին արձանը, ամբողջ գիշեր ու ցերեկ անոր շուրջը, քուրմերը սոսկալի ոռնոցներով,փառաբանական երգեր կ'երգէին:
Երբ արեւի ճառագայթները Յարալէզի վրայ իյնային, անոր շուքը կ'երկարէր, կը հասնէր մինչեւ Վանի բերդը: Քրմապետը` բերդէն կը նայէր,տեսնելու համար թէ մինչեւ ո՞ւր կը հասնի Յարալէզի շուքին ծայրը, այն
ատեն, վար կ'իջնէր բերդէն, ճարմանդով, ծանրակիր զարդերով, շքեղ հագուստներով պճնուած եւ քուրմերով շրջապատուած։
Աղբյ. ' "Վարագ" պարբերական,Սօս Վանի հոդվածից հատված
@PotomkiNjdeh